2017-10-18 10:38:00

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը` Սարգսեան – Ալիեւ հանդիպումին մասին


ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես գոհունակութիւն  յայտնած է Ժընեւի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու  հանդիպումին առիթով:

«Կութիերես կոչ ուղղած է նախագահներ Սերժ Սարգսեանին եւ Իլհամ Ալիեւին` ղարաբաղեան տագնապը միայն խաղաղ միջոցով լուծելու: Ընդհանուր քարտուղարը կը խրախուսէ, որ նախագահները որոշեն քայլերու ձեռնարկել բանակցային հոլովոյթը խորացնելու եւ շփման գիծին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ», նշուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի  մամլոյ բանբեր Սթեֆան Տիւժարիքի տարածած յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.